Հինգշաբթի, 2 յունուարին Հարաւային արուարձաններու Հարեթ Հըրէյք շրջանը ցնցած պայթումէն
անմիջապէս ետք յատկապէս լիբանանեան բանակին ձեռնարկած ապահովական միջոցառումներուն եւ
կատարած հետաքննութիւններուն լոյսին տակ, հետզհետէ սկսան բացայայտուիլ ոճրային այս պայթումին
առնչուող մութ ծալքերը: Հաւաստի աղբիւրներու համաձայն, հետաքննութեանց արդիւնքներուն
համաձայն, վերջին այս պայթումին գործածուած ականուած ինքնաշարժին մէջ զետեղուած ռումբի
տեսակէն կը հետեւցուի, թէ անիկա թիրախ ունէր կարեւոր անձնաւորութեան (անձնաւորութիւններու)
մը շքախումբի ինքնաշարժները: Պայթումի վայրէն գտնուեցաւ անձնաթուղթ մը (իխրաժ քայտ)`
Լիբանանեան համալսարանի ուսանող Քութէյպա Սաթեմի անունով: Անոր հայրը քանի մը օրեր առաջ
ոստիկանութեան յայտնած էր իր զաւկին անհետանալը: Ապահովական պատկան մարմինները արգելափակեցին
Սաթեմի հայրը` հարցաքննութեան համար: Լիբանանեան «Նաշրա» կայքէջը, Դամասկոսի մէջ գտնուող
յատուկ աղբիւրներու վերագրելով իր տեղեկութիւնները, հաղորդեց, որ Քութէյպա Սաթեմ Եապրուտի
մէջ Ժապհաթ Նուսրա խմբաւորումէն կռուող զինեալ մըն էր: